2017-06-19 09:56:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարեմեան Աղօթքը` ''Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Յիսուս մեզի կ՛ընկերանայ''։


(Ռատիօ Վատիկան) Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր­, Իտալիոյ եւ աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն մէջ­, այս կիրակի կը տօնախմբուի Քրիստոսի Մարմնոյ եւ Արեան տօնը որ լատիներէնով անուանուած է '' Corpus Domini կամ Corpus Christi'' այսինքն Քրիստոսի Մարմինը։ Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան զոր ներկայացուց իր գրասենեակի պատուհանէն, կիրակի 18 յունիսի կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, որ քաղուած էր Սուրբ Յովհաննէսի Աւետարանէն  ուր Յիսուս կը հաստատէ թէ ''Ինքը կեանքի հացն է` իջած երկինքէն''։

Արդարեւ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը Յիսուս խաչին վրայ նուիրեց իր մարմինը ու թափեց իր արիւնը, Ան որպէս զատկական գառնուկ մեզ ազատագրեց մեղքի ստրկութենէն ու թիկունք կը կանգնի մեր ուղեւորութեան դէպի աւետեաց երկիր։

Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Յիսուս մեզի կ՛ընկերանայ սնուցանելու համար մեր հաւատքը, մեր յոյսն ու մեր սէրը ու մեզ մխիթարելու դժուար պահերու ընթացքին ու մեզի թիկունք կանգնելու արդարութեան ու խաղաղութեան ի սպաս մեր յանձնառումին մէջ։

Սուրբ Հաղորդութեան մէջ Ան ինքզինք կը նուիրէ` ու մեզի կ՛օգնէ որպէսզի ի գործ դնենք իր պատուիրանը ''իրար սիրել ինչպէս ինք մեզ սիրեց''։

Սուրբ Հաղորդութեամբ սնանիլ կը նշանակէ վստահութեամբ յանձնուիլ Իրեն ու թոյլ տալ որ Ան մեզ առաջնորդէ։

Թող որ Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ վերագտնելու Սուրբ Հաղորդութեան գեղեցկութիւնը ու հաւատքով ընդունելու զայն, որպէսի Աստուծոյ ու մեր եղբայրներուն հետ ապրինք հաղորդութեան մէջ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.